Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան վերադարձաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութենէն։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Նորին Սրբազնութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցեցաւ Ազգային-եկեղեցական ժողովին եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) կանոնադրութեան մշակման յանձնախումբի ժողովներուն, որոնք գումարուեցան բարձրաստիճան հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ արարողութիւն՝ հազարաւորներու մասնակցութեամբ:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Աւանդական արժէքներ. ժամանակակից հասարակութեան զարգացման հոգեւոր-բարոյական ուղենիշները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։
Այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ՝ «Աւանդական արժէքներ. ժամանակակից հասարակութեան զարգացման հոգեւոր-բարոյական ուղենիշները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս գիտաժողովը, որ կազմակերպուած է Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ ջանքերով։
Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը յառաջիկայ շրջանին պիտի ենթարկուի վերանորոգութեան։ Համաքրիստոնէական կարեւորագոյն սրբավայրերու շարքին կը դասուի Ս. Յարութեան տաճարը, որու սրբազան կամարներուն ներքեւ կը գտնուի Տէր Յիսուսի Լոյս Գերեզմանը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնեց Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի եւ Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն հոգեւորականը՝ Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեան ի Տէր հանգեաւ Ուրբաթ Մարտ 18, 2016, Էմըրսընի (Նիւ Ճըրզի) Հայկական հանգստեան տան մէջ: Եղիշէ Արքեպիսկոպոս 91 տարեկան էր: