ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Այսօր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Նորին Սրբութիւնը 17-րդ տարին կը թեւակոխէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ՝ որպէս աշխարհասփիւռ հայութեան հայրապետը, ամենասիրելի հովուապետը եւ ընդհանրական գլուխն ու ծայրագոյն պատրիարքը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան այս նոր փուլը դարձեալ կու գայ թարմացնել իր աշխարհասփիւռ հօտին ջերմեռանդ զգացումները՝ իրեն նկատմամբ։
Աթոռոյս Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար ժողովը, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ 14 Հոկտեմբեր 2016 թուականի, ՃԼԱ. նիստի որոշմամբ եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հրաւէրով կայացաւ 26 Հոկտեմբեր 2016 Չորեքշաբթի օր, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ անցեալ Կիրակի նախագահեց Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի կողմէ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի Իշխան ու Մեծ Վարպետ Ֆրա Մեթիու Ֆսեթինկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ու հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն՝ Տ. Սամուէլ Աբեղայ Մխիթարեան եւ Տ. Սիփան Աբեղայ Գէորգեան նախընթաց օր, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ ստացան մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան։ Տուչութիւնը կատարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Հարկ է նշել, որ նոր վարդապետները բոլորովին վերջերս պաշտպանած էին իրենց թեզերը։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։