ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՑԵՐԵԿՈՅԹ ՄԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսաւոր ցերեկոյթ մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ Մեծարման ցերեկոյթը կազմակերպուած էր ի պատիւ Ճեմարանի դասախօսներէն Տ. Եղիշէ Ա. Քհնյ. Սարգսեանի, Պարգեւ Շահպազեանի եւ Պետրոս Պետիրեանի։



Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոսկուայի Պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Ալեքսէյ Սեմիոնովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջերս շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այց մը տուաւ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ձեռամբ՝ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գլխաւորութեամբ երաժշտապետ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի։