ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԻՎԼԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին երէկ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը, ուր մէկտեղուեցաւ այն երեք պատրիարքներուն հետ, որոնք կը տնօրինեն համաքրիստոնէական սրբավայրերը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս կարեւոր հաւաքոյթը, որուն ներկայ էին նաեւ տեղւոյն յունաց եւ լատինաց պատրիարքները


Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կ՚այցելէ Սուրբ Երուսաղէմ։ Ծանօթ է, որ Սուրբ Քաղաքին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս Կիրակի պիտի տօնախմբէ Ս. Զատիկը, ըստ հին տոմարի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը հաշմանդամ պատանիներ։ Ի ծնէ հաշմանդամ եւ մանկական ուղեղային կաթուածէ տառապող Աշտարակ քաղաքի բնակիչ Դաւիթ եւ Յասմիկ Խաչատրեանները կը պատրաստուին դարմանման համար մեկնիլ Գանատա եւ այս ուղեւորութեան ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած էին՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու համար։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յոբելենական յատկանշական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ նշուեցաւ թեմի նուիրեալ հոգեւոր սպասաւորներէն Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման, հովուական ծառայութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Տէր Հօր ծառայած Վեննայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ յոբելենական արարողութիւնները։