ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Ամենայն Հայոց Հայրապետին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ դէպի Արցախ կատարուած զօրակցութեան այցելութեան շրջագծով երէկ ապրուեցաւ յատկանշական հանգրուան մը եւս։ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Արցախի ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար։


Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ արարողութիւն՝ հազարաւորներու մասնակցութեամբ:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Աւանդական արժէքներ. ժամանակակից հասարակութեան զարգացման հոգեւոր-բարոյական ուղենիշները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։