Ընկերա-մշակութային
Հայութեամբ Բաբախողներու Սփիւռքը Հայաստանի Կամրջած Վահագն Յովնանեան Ոչ Եւս Է
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երեւան: Իր անունը կրող կառուցուող թաղամասի տան մէջ կամ ճաշարանը յաճախ միասին եղած էինք Վահագն Յովնանեանի հետ: Արտակարգ անձնաւորութիւն մը, որուն համար հայրենիքը եւ անոր կառուցումը ո՛չ լուսանկար էին, ո՛չ ճառ, այլ՝ կեանքի արարում:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեանի յայտարարութիւնները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
«Անկասկած երջանիկ է այն կաթողիկոսը, որ իր գահակալութեան ընթացքին նոյնիսկ անգամ մը կ՚օրհնէ Սրբալոյս Միւռոնը»:
ԱՆՄԱՐՄԻՆ ԺԱՅՌ ՄԸ ԸԼԼԱՄ…
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Ձգեցէ՛ք զիս, ձգեցէ՛ք ծովուն մէջտեղը
Մազերս կարծրանան ծովու աղով
«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ
«Արաս» հրատարակչատունը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հերթական շահեկան գիրքը։ Հայ սպայի մը Տարտանէլի եւ արեւելեան ճակատին վրայ բռնած օրագրութիւնն է այս մէկը, որու հեղինակն է Աւետիս Ճէպէճեան։
ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ալիոնա Ստերլիկովայի ստեղծած նորաձեւ հագուսներու ցուցադրութիւնը։
Նորաձեւութեան ցուցադրութեան մտայղացման հեղինակ, հագուստի ձեւաւորող Ալիոնա Ստերլիկովայի համաձայն, ձեռնարկին նպատակն է ներկայացնել Արցախի գրաւչութիւնն ու անոր անաղարտ բնութիւնը, ազգային, աւանդական, մշակութային արժէքները:
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՄԵՂՐ ԵՒ ԱՆՏԱՌԻ ՀԱՏԱՊՏՈՒՂ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ շաբաթ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Հայաստանի սահմանամերձ Բերդ քաղաքին մէջ մասնակից եղաւ Հայաստանի աւանդական փառատօներէն մէկուն՝ Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնին:
Հայերէն գրական լեզուաճիւղերու գոյակցութեան համար քաղաքական նոր պայմաններ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ սուրիահայ լեզուաբան, մանկավարժ, արեւմտահայերէնի դասագիրքերու հեղինակ, եւ այժմ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Յակոբ Չոլաքեան: Ան հանդէս եկաւ «Գրական հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման խնդիրները սփիւռքահայ դպրոցի համապատասխան փորձի լոյսին տակ» զեկուցումով:
Հայերէն գրական լեզուաճիւղերու գոյակցութեան համար քաղաքական նոր պայմաններ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Յուլիս 29-30-ին, Երեւանի մէջ, տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ գիտաժողովը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Ազգային Ակադեմիոյ «Հրաչ-եայ Աճառեան» լեզուի կաճառին։
ՍԱՌՑԱՀԱԼԸ ՍԿՍԱ՞Ւ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Անկախութեան սկիզբին, Սփիւռքի հայախօս շրջանակներուն մեծագոյն յոյսն էր, որ Հայաստանի երրորդ Հանրապետութիւնը եռագոյնին եւ զինանշանին կողքին պիտի վերականգնէ դասական ուղղագրութիւնը իբր հաշտութեան ամբողջական նշան իր ժառանգութեան հետ, կամրջելով երրորդը առաջինին, որ հռչակուած էր եւ ձեռք բերուած անասելի ողբերգութիւններու եւ սխրանքներու գնով։
