ԳԻՆԵԳՈՐԾ ՎԻՔԹՈՐԻԱ ԱՍԼԱՆԵԱՆ FORBES-Ի ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ. «ՄԵՆՔ ԿՐԿԻՆ ԵՐՋԱՆԻԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆՔ»
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհի ամենահեղինակաւոր եւ տնտեսական հրատարակութիւններէն մէկը՝ «Ֆորպս» ամերիկեան ֆինանսա-տնտեսական ամսագիրը յուլիսի 8-ին յօդուած մը տպագրած է հայաստանաբնակ երիտասարդ ձեռներէց, գինեգործ Վիքթորիա Ասլանեանի մասին: