Թրքահայ կեանք

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի երեք շրջանաւարտուհիներ իրաւունք շահած են յառաջիկայ տարի իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու Իտալիոյ մէջ: Այս երեք շրջանաւարտուհիներու յաջողութիւնը Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին մեծ ուրախութիւն պատճառած է: 

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉ.Ի ԵՂԱՆԱԿԻ ՓԱԿՈՒՄԸ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները շաբաթավերջին համախմբուեցան՝ եղանակի եզրափակման աւանդական հաւաքոյթին առթիւ: Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան:

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ

Համայնքային անմոռանալի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի՝ իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ իր ուրոյն հետքը թողած է ան՝ որպէս երախտաշատ բարերար եւ հեռատես վարչային գործիչ։

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ «ՁԱՅՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ»

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը այս շրջանին ձեռնարկած է «Ձայն յաւիտենական» խորագրեալ համերգներու շարքի մը։ Երէկ երեկոյեան, այս շարքի առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Սեն թ՚Անթուան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

«ՀԱՅՈՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ ՄԻՇՏ ՆԵՐԴՐՄԱՆ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ»

Ստորեւ կը ներկայացնենք, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի Ատիս Ապապայի ձեռնարկին ժամանակ ունեցած ելոյթին սղագրութիւնը։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՉՈՐՐՈՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Նախակրթարանը աւարտած փոքրիկները արդէն յաջորդ տարի պիտի սկսին միջնակարգի եւ այս անկիւնադարձը, անշուշտ, շատ յատկանշական էր՝ թէ՛ իրենց եւ թէ ընտանիքներուն համար։

ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՃԵԼԻ ՊՏՈՅՏԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին պտոյտ մը կազմակերպեց թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտութեան համար։ Այսպէս, դպրոցի մեծ ընտանիքին տեսակէտէ անմոռանալի օր մը եղաւ՝ դէպի Քիլիոս կազմակերպուած շրջայցը։ 

Էջեր