ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ»Ի ՊՈԼԻՍ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՍԱՔԸԶԱՂԱՃԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ՝ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
Երէկ, Աստուածաշունչի ընկերութեան կողմէ հրատարակուած «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ի Պոլիս ուղարկուած օրինակներու շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը մամլոյ ասուլիսով մը ներկայացուց իր եռամեայ գործունէութեան հաշուետուութիւնը:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն աշակերտներ վերջին օրերուն մասնակցեցան TAZOF-ի կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն։
Երէկ, Գումգաբուի ընտանիքը բարոյական տուրք մատուցեց՝ Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի երկու երէց ու նուիրեալ անդամներու յիշատակին նկատմամբ։
Թաքսիմ մարզակումբի նորընտիր վարչայինները քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց:
Գատըգիւղի ընտանիքը այս շրջանին հանդէս եկած է ողջունելի նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը եւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ձեռնամուխ եղած են՝ թաղէն ներս մանկապատանեկան երգչախումբի մը ստեղծման։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ասողիկ դպրաց դասու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի, որուն կ՚ընկերանար նաեւ Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չնարեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայան, Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուն, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Պեքպըչաքը եւ յայտնի դերասան ու թատերական գործիչ Պօղոս Չալկըճըօղլուն։
Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան կողմէ թողարկուած, անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած յոբելենական յուշադրամներէն օրինակներ հասան Պոլիս՝ Մարթին Գալստեանի բարեհաճ տնօրինութեամբ, ինչ որ համայնքի կրթական կառոյցներու վերարժեւորման առիթ ընձեռեց:
Երէկ, Նոր կիրակիի առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր հաւատացեալները մասնակցեցան հոգեպարար արարողութիւններու։