ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ԱՌՆՈՒՎԻԼԻ ՄԷՋ
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը այս առաւօտ մեկնեցաւ Փարիզ։ Խումբը կը գլխաւորէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ դպրաց դասու նախագահի հանգամանքով։ Ուղեւորութեան կը մասնակցին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ յոբելենական փայլուն ձեռնարկ մը:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը վաղը առաւօտ պիտի ուղղուի Փարիզ։ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի հայաշատ արուարձաններէն Առնուվիլ քաղաքի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի կազմակերպած «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ին պիտի մասնակցի երգչախումբը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց աստուածաբան Ռատոսլաւ Պազարովը, որ ծագումով Պուլկարիայէն է։ Ան Ամեն. Ս. Պատիրարք Հօր յանձնեց իր նոր գիրքը, որ կը վերաբերի արեւելեան ուղղափառութեան։
Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը մասնակցեցաւ՝ քաղաքիս Աւստրիոյ մշակոյթի կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած մօտալուտ Ս. Ծնունդին ձօնուած համերգին։ Երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած աւանդութիւն մըն է այս մէկը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճիի եւ գործակից ընկերներուն հետ, որոնց միացած էին նաեւ դպրոցի տնօրէն Սերքան Քըյըճը եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Նուպար Տինչէօզ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց հրէից նորընտիր րաբունապետ Ռաւ Տաւիտ Սեւին։ Այս վերջինը փոխադարձ այցելութեան փութացած էր Գումգաբու՝ հաշուի առնելով, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցեալ շաբաթ ներկայ գտնուած էր իր պաշտօնամուտի հանդիսաւոր արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Քուլէտիպիի Նեւէ Շալոմ սինակոկին մէջ։
Գնահատանք ու մեծարանք:
Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւնները տեղի ունեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։