ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Երէկ, Էսաեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ բացառիկ ոգեւորութեան։ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վերջին դասարանի տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Մխիթարեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ իրերայաջորդ երկու կարեւոր համերգով: Այսպէս, երգչախումբի ելոյթները մաս կազմեցին Իսթանպուլի երաժշտական փառատօնին, որ այս տարի 54-րդ անգամ կը կազմակերպուի:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին՝ Ազգային կրթութեան նախարարութեան եւ «EnerjiSA» ընկերութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը շրջանակներէն ներս:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան գլխաւորեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ դէպի Արմաշ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը։
Նախընթաց օր, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյթ մը: Դպրոցէն ներս իսկական զօրաշարժով մը կազմակերպուած էր այս ձեռանրկը, որ «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ համախմբեց հոծ թիւով ներկաներ:
Թոփգաբուի ընտանիքը նախաճաշ մը սարքեց թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաներուն համար։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց «Պոլիս լուսատու» խումբին ներկայացուցիչները: Ինչպէս ծանօթ է, սա լուսանկարիչներէ բաղկացեալ խումբ մըն է, որ վերջին շրջանին նկատելի գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ պոլսահայ մշակութեային կեանքէն ներս:
Խոր ցաւով կը գուժենք մահը՝ մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան յարգելի ու համակրելի դէմքերէն՝
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտներու օրհնութեան կարգ: