Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսան Մեծատուրն ու անդամուհիներէն Լենա Ենիեորկանը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։

ԱԼԷՆ ԹԵՔՊԸՉԱՔ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՁՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները այս տարի եւս կը շարունակուին՝ Իսթանպուլի զանազան հայահոծ շրջաններէն ներս։ Ըստ էութեան, քաղաքի երեք առանցքային ուղղութիւններուն վրայ տեղի կ՚ունենան դասընթացքները՝ զանազան մարզաձեւերու պարագային։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Երէկ, հաճոյքն ունեցան խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ վաստակաւոր կրթական մշակ, հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուն: Այս վերջինը փութացած էր շնորհաւորելու համար՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի՝ վերջերս նշուած կրկնակ յոբելեանները:

ERVAB-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Երէկ, Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն (ԹՎՄ-ERVAB) Կրթական յանձնախումբը ժողով մը գումարեց՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, համայնքային շրջանակները համախմբուեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը: Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան:

ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՅԱԿՈԲՃԱՆ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ, Պալըքլըի Ազգային գերեզմանատան մէջ, մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ՝ տիրահայր լուսահոգի Յակոբճան Մաշալեան, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի հայրն էր: Ճիշդ տարի մը առաջ, ողբացեալ Յակոբճան Մաշակեանի կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս:

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Ս. Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին զուգահեռ՝ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

«ՊՈԼԻՍ ԼՈՒՍԱՏՈՒ»Ի ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

​Երէկ, երեկոյեան «Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու խմբակի ցուցահանդէսը բացուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։

ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐՈՒ ԲԱԶՄԱՆԴԱՄ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆրանսայէն հիւրերու բազմանդամ խումբ մը։ Այցելուները ֆրանսական «Փոփիւլէր» դրամատան ղեկավարութեան դէմքերէն կը բաղկանային։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Նաթան քհնյ. Արապեան։

Էջեր