Թրքահայ կեանք

ՇԻՇԼԻԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները երէկ ընդունուեցան Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Մեհմէտ Պիւյիւքէքշիի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Շիշլի վերջին երկու եղանակներուն ախոյեան աւարտած է Թուրքիոյ ֆութսալի լիկը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՍԿՍԱՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Ազգային երիտասարդական համաժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի, օգոստոսի 3-ը։ Համահայկական այս երիտասարդաց համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։

ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ, ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՐԵՐՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՐԵԿՈՅԹ

«Հայ երգ ու պար» անուանումով կազմակերպուած երեկոյթը երէկ խանդավառութեան մեծ ալիք մը ստեղծեց Գնալըի բարձունքին։ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ շրջապատուած էր բազմաթիւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադիրները երէկ ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։ Կղզիի բարձունքին առ Աստուած աղօթք վերառաքուեցաւ անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։

ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Համահայկական 8-րդ խաղերուն մասնակցելիք թրքահայ խումբի դէպի Հայաստան ուղեւորութեան բոլոր կարգադրութիւնները գրեթէ կատարուած են։ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբին կողմէ գործընթացը յառաջ տարուած է ամենայն լրջութեամբ։

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷ ՏՈՒԺԱԾ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԹԵԹԵՒ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՏՈՒՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՄԱՍԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրահանգով, գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Կարօ Վռամ Պապայեան 18 յուլիս 2023, երեքշաբթի, ցամաքի ճամբով մեկնեցան Հաթայ։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ «ՄԵՆՔ ԵՐԳԵՆՔ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ հերթական երաժշտական երեկոյթը երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։

Էջեր