ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ԱԹՈՌԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանին։