ՍԷՐԼԻ ՍԵԴԱ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Մեր համայնքէն Սէրլի Սեդա Նշանեանի բեմադրութեամբ այս շրջանին կը բեմադրուի թատերական ներկայացումներու շարք մը, որ «Տերեւ արթ»ի անդրանիկ նախագիծն է։ «Borderline» կը կոչուի այս թատերական ներկայացումը, որու բեմագիրն է Քաան Էրքան։
Զեքիեան Գերապայծառ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, վերապատուելի Աղապալօղլու եւ Յունաց պատրիարքարանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչն ալ պատուեցին հաւաքոյթը:
Շիշլի մարզակումբի ներկայացուցիչները վերջին օրերուն մասնակցեցան Իսթանպուլի մինչեւ 14 տարեկաններու մարմնամարզի մրցաշարքին, որու արդիւնքով ապահովեցին փայլուն նուաճումներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Տուրսունն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանով պարգեւատրեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Փարոս» պարբերականի ու հրատարակչատան տնօրէնուհի Մայտա Սարիսը։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է պոլսահայ արդի գրականութեան անմոռանալիներէն Երուանդ Կոպէլեանի բանաստեղծութիւններու թրքերէն ժողովածուն՝ «Keşke…» անունով։
Շիշլի մարզակումբը հետեւողական քայլեր կ՚առնէ նոր սերունդէ մարզիկներ հասցնելու նպատակով։ Ֆութսալի մարզաձեւին մէջ ալ շիշլիցիները ներկայիս նոր ոստում մը կ՚ընեն՝ երիտասարդ մարզիկներու պատրաստութեան ճանապարհին։
Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց Էսաեան վարժարանի երախտաշատ հիմնադիրները՝ հոգելոյս Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեանցիներուն համար երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած աւանդութիւն է՝ վարժարանի հիմնադիր բարեյիշատակ եղբայրներու վերյիշումը։