Թրքահայ կեանք

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԸՆԹՐԻՔԸ

Ներկայ ամրան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն երկու նախկին պոլսահայեր՝ Սահակ Թունա եւ Միրիճան Կիւրեղեան կ՚այցելեն քաղաքս, ինչ որ վերջին օրերուն վերածուած է ողջունելի իրադարձութեան։ Անոնց այցելութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է՝ մանաւանդ, որ Իսթանպուլի մէջ բարի յիշատակ թողած են, երբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան շրջանակներէն ներս ալ գործունէութիւն կը ծաւալեն։

«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի ուղեւորութիւն մը իրականացնել դէպի Հայաստան։ Երէկ, այս այցելութեան ընդառաջ խմբագրատունս այցելեց «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, որուն ընկերացան Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, անդամուհիներէն Վարդուհի Մսըրլեան եւ Արի Չոլաք, որ այս ուղեւորութեան կարգադիր յանձնախումբի մղիչ ուժերէն է։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄՆ-ԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Քոսթա Մեսա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արա Քարաքէշիշօղլուն եւ փոխ-ատենապետ Յովսէփ Պերքճեանը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ արարողութեանց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

«ՄԱՐԱԼ» ԵՐԳ ՈՒ ՊԱՐԻ ՀԱՄՈՅԹԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵԼ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը, որու հետ էին վարչութեան անդամներէն Վարդուհի Մսըրլեան եւ «Մարալ» երգի ու պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՆՈՒԱԳՆԵՐՈՒ ԵՌՈՒԶԵՌ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու առաջին փուլը՝ հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Հանդիսութեան նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

ARMENIAN AIRLINES-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց «Armenian Airlines» ընկերութեան ներկայացուցիչները՝ Հերմինէ Յովհաննէսեանը, Էրսին Թիւֆեքճին եւ Արփինէ Սէօղիւթ Թիւֆեքճին։

«ԺԱՄԱՆԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ 3 ԼԻՐԱ

Մեր ընթերցողներուն կու գանք տեղեկացնել, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը համախոհաբար որոշած են թերթիս համար ակամայ սահմանել նոր սակագին մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօրուընէ սկսեալ կը վաճառուի 3 (երեք) թրքական լիրա փոխարժէքով։

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁՈՎ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վերջերս տեղի ունեցան արարողութիւններ, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին առթիւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։

Էջեր