Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճի, փոխ-ատենապետ Ալէն Քայաօղլու, դպրոցի տնօրէն Սերքան Քըյըճը եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Նուպար Տինչէօզ։

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒ»Ը ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Շաբաթավերջին, Գարակէօզեան տան կողմէ կազմակերպուած երաժշտական փառատօնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: «Երաժշտական արշաւ» անուանումին ներքեւ կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը: 

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Երէկ, Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը: Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց այս հանդէսը՝ մանաւանդ, որ կրթական կեանքէ ներս առաջին քայլափոխին փոքրիկ սաները արձանագրած էին ծափահարելի յաջողութիւն մը: 

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳ

Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ փայլուն համերգով մը՝ «Խաղաղութեան ձայներ»ը անուանումին ներքեւ: Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը՝ որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան: 

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՍԱՀԱԿԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔ

Երէկ, Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ: Դպրոցի շրջանաւարտից օրը, աւանդաբար, Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ խրախճանքի մը համազօր պայմաններու ներքեւ կ՚ընթանայ: Այս տարի ալ եղաւ նոյնը: 

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐԱՕԾՈՒԵՑԱՒ ՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցին վերաօծուեցաւ եւ պաշտամունքի բացուեցաւ, ինչ որ հոգեւոր ուրախութեան առիթ դարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: Աւանդաբար այս եկեղեցին կը ճանչցուի՝ որպէս «Ձկնորսներու եկեղեցի», իբր այդ ալ պոլսահայ սրբատեղիներու շարքին ունի առանձնայատուկ տեղ մը: 

ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան երկու հանդէսներ՝ Մայրերու օրուան առթիւ, որ կը նշուի այս շաբաթավերջին։ Դպրոցէն ներս մանկապարտէզի փոքրիկները առանձին հանդէս մը իրականացուցին, իսկ միջնակարգի աշակերտները՝ տարբեր ձեռնարկ մը։ 

Էջեր