ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ համախմբեց մշակութասէրներ եւ հետաքրքիրներ։
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ համախմբեց մշակութասէրներ եւ հետաքրքիրներ։
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Այսպէս, տարեկան համախմբումը բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր՝ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները ի մի բերելու համար։
Պէշիկթաշի ընտանիքը երէկ համախմբուեցաւ եզակի եւ յուզումնախառն առիթով մը։ Այսպէս, երբեմնի Մաքրուհեան վարժարանի սաներուն համար շրջանաւարտից հաւաք մը կազմակերպուած էր՝ ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի գլխաւորած Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ։
Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ խնամքը կը կաղայ՝ կալուածատիրոջ հարցի պարագային ծագած անորոշութեան հետեւանքով:
Առանց օրինական վաքըֆի մը պաշտօնական գոյութեան՝ սեփականութեան իրաւունքի մտահոգիչ պղտորութիւն յառաջացած է սրբավայրի պարագային:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի վարժարանի Զ. դասարանի սաները, որոնց ուղեկցեցան ուսուցչուհի Ժանէթ Ներկիզ, ինչպէս նաեւ թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 13-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ Իսթանպուլին ձօնուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին հարիւր եւ աւելի տարիներու վաղեմութեամբ քաղաքիս լիսէները։ Անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը առիթ դարձաւ Կեդրոնականի երդիքին տակ բացառիկ ոգեւորութեան ստեղծման։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ուղեկից մասնագէտ Միւժտատ Աթաման նախընթաց օր ասուլիսի մը մասնակցեցաւ աշակերտներու ծնողներուն հետ։ Հաճելի զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս երեկոյթը, որ կազմակերպուած էր թաղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ։
Այսու մեր համայնքի անդամներուն կը յայտնենք, թէ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ տրուած մկրտութեան վկայագրերու հետ վերջերս յառաջացած հարցի մասին անհրաժեշտ քայլերն առնուած, պատկան իշխանութեանց հետ կապ հաստատուած ու հարցը լուծուած է։
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս կազմակերպեց՝ դպրոցի անմոռանալի ու բարեյիշատակ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանի յիշատակին ձօնուած աւանդական մարզական խաղերը, որոնք չորրորդն էին իրենց նմաններու շարքին