ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ «ՀԱՅMUN»
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «ՀայMUN»ը, որուն մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէներու սաները։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «ՀայMUN»ը, որուն մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէներու սաները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտները ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ ստացան իրենց վկայականները։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակիցջ «Իլգգան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու հրաժեշտի հանդէսը, որուն ներկայ էին Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, կրթական մշակներ, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։
Կեդրոնականի ընտանիքը 2024-2025 տարեշրջանի աւարտին իրականացուց իր աւանդական դաշտագնացութիւնը։ Աշակերտները, կրթական մշակներ, դպրոցի պաշտօնէութիւնը, կամաւորները, հիւրեր եւ վարիչները միասնաբար ուղեւորուեցան դէպի Քիլիոս։
Գալֆաեան տան տարեվերջի հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան վարժարանի վարիչները, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին շրջանաւարտները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս երէկ ձեռնարկեց իր ուղեւորութեան ծրագրի գործադրութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան մեկնարկային այս փուլը բնորոշուեցաւ կրթական համակարգի նկատմամբ ուշադրութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արդէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ է, ուր պիտի մնայ երկու շաբաթ։ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ հասաւ Լոս Անճելըս, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը թաղի ընտանիքի խրախուսանքին արժանացան կրթական նոր հանգրուանին ընդառաջ։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ոգեկոչեցին բարեյիշատակ բարերար ու երախտաշատ կրթական մշակ հոգելոյս Արամ Գամպուրեանը՝ մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, այս առաւօտ, ժամը 08.00-ին, Իսթանպուլի օդակայանէն ճամբորդեց դէպի Լոս Անճելըս։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրիօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական փայլուն ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Վարդանանց երգչախումբի երիատասարդաց կազմը հանրութեան ներկայացաւ իսկապէս յաջող համերգով մը, որ բնորոշուեցաւ ունկնդիրներու հնչեցուցած բուռն ծափողջոյններով։