ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանը դիմաւորեց խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ առաջին զանգը հնչեց հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանը դիմաւորեց խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ առաջին զանգը հնչեց հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին ուրախակից են մեր ծանօթ եւ համակրելի ազգայիններէն Ազնիւ Մեծատուրեանին, որ ծառայասիրութեան, նուիրումի եւ հետեւողակա-նութեան կերպար մը կը մարմնաւորէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Ազնիւ Մեծատուրեան այսօր կը դառնայ 70 տարեկան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի հայկական գիտական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն փրոֆ. Ալպերթ Խառատեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի Պատմութեան կաճառի սիւներէն մին է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որ իրեն ներկայացաւ համայնքային շրջանակներէն կամաւորներու խումբի մը հետ։
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Շիշլի մարզակումբը կը պատրաստուի նշել իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Սա իսկապէս յատկանշական դարադարձ մըն է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, որոնց հետ էին նաեւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն երկու աշակերտներ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Համայնքային երախտաշատ բարերարուհի Մոնիք Երկանեանի տեսակէտէ 2025-2026 կրթական շրջանի վերամուտը զգացական բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Իրեն վիճակեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն ներս վերամուտի առաջին զանգը հնչեցնելու ուրախութիւնն ու պատիւը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան 2025-2026 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ այցելեց Ս. Խաչ դպրեվանք։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքական Աթոռի գահակալը աւանդաբար կ՚ընդունուի՝ այս կրթօճախի վանահայրը։
Գատըգիւղի ընտանիքը ոգեւորութեամբ դիմաւորեց 2025-2026 կրթական շրջանը։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ վերամուտի առթիւ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։