ԲԱՑ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ՝ խորհրդանշական կէտէ մը։
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ՝ խորհրդանշական կէտէ մը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի պատասխանատուները, որոնք իրեն տեղեկութիւններ փոխանցեցին մօտալուտ ձեռնարկի մասին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու անդամներէն Վոլքան Արատը։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երիցագոյններէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան շաբաթավերջին ուրախութիւնը ունեցաւ հիւրընկալելու թերթիս Երեւանի աշխատակիցներէն Յակոբ (Վարանդ) Քորթմոսեանն ու Հրայր Տաղլեանը, որոնք քաղաքիս մէջ կարճ կեցութիւն մը ունեցան՝ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ժապաւէնի արեւմտահայերէն տարբերակի կալային առթիւ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանն ու գործակից ընկերները։

Գումգաբուի ընտանիքը արդէն ձեռնարկած է հերթական մատաղօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Պէզճեան Մայր վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի արեւմտահայերէն տարբերակի առաջին ներկայացումը:
Գումգաբուի մէջ փառաշուք կալա:
ԺԱՄԱՆԱԿ Օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի համագործակցութեան ողջունելի ու պատկառելի արդիւնքը մատուցուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջին:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս դէպքի վերածուած ձեռնարկը հովանաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը: Երեկոյթը համախմբեց համայնքային ընտրանին, որ ականատեսը դարձաւ աննախընթաց գործի մը:
Բացառիկ նախաձեռնութիւնը դուռ բացաւ նոր հայեացքով մը արժեւորելու բազմաթիւ կենսական հարցեր՝ թարմ շունչ մը տալով եկեղեցի-մամուլ-դպրոց եռամիասնութեան:
Գումգաբուի կալայի բազմակողմանի ծրագրին տարբեր խորք մը վերագրեց՝ ֆիլմի առաջին տպաւորութիւններու լոյսին տակ կազմակերպուած շահեկան ասուլիսը:
Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի վարած զրոյցի ատենախօսներն էին՝ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տիգրան Պասկեւիչեան, Արմէն Սարուխանեան եւ Յակոբ Քորթմոսեան: