«ԿԻՒՄԻՒՇԵԱՆ»Ի ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Յովհաննէս Կիւմիւշեանի հիմնած «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Յովհաննէս Կիւմիւշեանի հիմնած «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Օննիկ Ֆէնէրճիի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան 70-ամեակը, անցեալ շաբաթավերջին հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ Նիւ Ճըրզիի մէջ՝ Նիւ Եորքի շրջանի Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ փայլուն տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Հոգեգալստեան օրը կը կատարուի նաեւ մեր այս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
«Բարեկամ» խումբը, որ վերջերս պաշտօնական միութիւն մը կազմեց, ներկայիս կը նշէ իր ձեռնարկած կրթական ծրագրին երկրորդ տարեդարձը։ Այս առթիւ «Բարեկամ»ի ներկայացուցիչները այցելութիւն մը տուին համայնքային յայտնի բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին, որու յանձնեցին յուշանուէր մը։
Համայնքային հինգ լիսէներու աւարտական դասարաններու աշակերտները երէկ խանդավառ շրջապտոյտ մը կատարեցին՝ դէպի Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր եկեղեցիները։ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Լենա Ենիեորկանի ջանքերով կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը։
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ նախկին ատենապետ տքթ. Արման Գամառ երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեցին խմբագրութեանս հետ։
Կը տեղեկանանք, որ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան եւ «A.101» հանրախանութներու ցանցին միջեւ ստորագրուած է համաձայնագիր մը, որու նպատակն է նպաստել թրքահայ համայնքի համեստ ընտանիքներու կարիքներու դիմագրաւման։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մասնաւոր հանդիսութիւնով մը մեծարեց թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Արման Պիւքիւճեանը։ Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի այս երեկոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ։
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբին արձանագրած յաջողութիւնները առիթ կը հանդիսանան մեծ ոգեւորութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլի անցեալ տարի Թուրքիոյ ֆութսալի լիկը ախոյեան աւարտած էր եւ այս տարի ալ նոյն նուաճումը կրկնելու համար մրցապայքարի մէջ է։