Թրքահայ կեանք

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ԱԼԷՆ ԹԵՔՊԸՉԱՔ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՄՈՒՀԻՏՏԻՆ ԱՀՄԷՏ ԵԱԶԱԼԻ ԿՈՂՄԷ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, որ ներկայիս կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, երէկ ընդունուեցաւ Նիւ Եորքի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Մուհիտտին Ահմէտ Եազալի կողմէ։

ՍԱՐԻՆ ՊԱՅԾԱՌ ԱՐՍԼԱՆ ԴԷՊԻ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Մեր համայնքէն Սարին Պայծառ Արսլան յաջողութեամբ աւարտած է «Մետիփոլ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէն։ Ան Պաղճըլարի համանուն հիւանդանոցէն ներս ասպարէզի առաջին քայլերը առած է՝ ներքին հիւանդութեանց ուղղութեամբ։

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԻՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ԱՄՐԱՆ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԷՋ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլի նուիրատուութեամբ՝ ծրագրիրը կը համակարգուի Արի Չոլաքի կողմէ:

ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

«Հայ Եկեղեցին միայն Հայաստանի եկեղեցին չէ։ Այսօր իշխանութիւնները կ՚ուզեն կաթողիկոսը փոխել։ Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որովհետեւ եթէ անգամ մը այդ ճանապարհը բացուի, ապա ապագային մէջէն դուրս գալ կարելի չ՚ըլլար։ Շատ դժուար է տարանջատել Ամենայն Հայոց Հայրապետի անձն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը»:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ԱՄՆ-է վերադարձին ցաւ յայտնեց, թէ Հայաստանի վարչապետի Իսթանպուլ այցելութեան ընթացքին շրջանցուած է Պատրիարքական Աթոռը, որուն դէմ կատարուած է արարողակարգային թերացում:
«Նիկոլ Փաշինեան 7 տարիէ ի վեր իշխանութեան գլուխ կը գտնուի։ Նորին Սրբութեան հետ նկարահանուած կամ տեսագրուած է՝ լեցուն մտերմիկ դրուագներով։ Մինչեւ այսօր չէ՞ր գիտեր այն պնդումները, որոնք այսօր յառաջ կը քշէ։ Մարդիկ հաւատք չեն ընծայեր, որովհետեւ բոլորը կը հասկնայ, որ կառավարութիւնը հետամուտ չէ բարոյականութեան, այլ նախընտրական հաշիւներու մէջ է»:

Էջեր