ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական համերգը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական համերգը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ։
Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքը Նոր տարին դիմաւորեց աւանդական խանդավառութեամբ։ Դեկտեմբեր ամսուան տեւողութեան արդէն տղաքը փուլ առ փուլ պատրաստուած էին Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի խորհուրդին եւ կազմակերպուած բոլոր հանդէսներն ալ մէկ կողմէ ստեղծեցին ոգեւորութիւն, իսկ միւս կողմէ առիթ դարձան, որպէսզի տղաքը այդ խորհուրդներուն հաղորդ դառնան։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Տղաքը յաջողութեամբ գործադրեցին յայտագիրը, որ ունէր նաեւ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին վերաբերեալ երեսակներ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երէց սերունդի մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ներկայ տարեմուտին գրասէրներու տրամադրութեան տակ կը դնէ նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Աշխարհի չորս ծագերէն»։
Երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած՝ Ամանորի աւանդական խրախճանքը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առթիւ մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուեցաւ՝ տօնական բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորը դիմաւորուեցաւ խանդավառ հանդէսով մը։ Իրականութեան մէջ, տարուան վերջին ամիսը ամբողջութեամբ այս հանդէսի պատրաստութիւններով անցած էր, ուստի, երբ օրը հասաւ՝ արդէն բոլորը բարձր տրամադրութեան մէջ էին։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մըխճըօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ամանորի շրջանին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդէսներով եւ այլ զանազան ձեռնարկներով։ Դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ փառատօնի մը մթնոլորտը։
Գարակէօզեանի ընտանիքը Նոր տարին դիմաւորեց աւանդական բացօթեայ խրախճանքով մը, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ։ Իսկապէս շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս երեկոյթը, որուն մասնակցեցան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի վարիչները, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ մեր համայնքի բազմաթիւ անդամներ։
Գալֆաեան Տան եւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Սիպիլի CRR-ի ելոյթը աստղերու տողանցքի մը պիտի վերածուի՝ բազում արուեստագէտներու մասնակցութեամբ: