Թրքահայ կեանք

ՊԱՐԹԵՒԻ ՀԵՏ ԵՐԳԵՐ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ այս շրջանին կը սկսին նոր եղանակի գործունէութիւնները։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը ջանք կը գործադրէ, որպէսզի բազմակողմանի աշխատանքը վերականգնուի միութեան յարկէն ներս։

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻՇՏ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ Կ՚ԱՊԱՀՈՎԷ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ աշխատիլ՝ ձեռքբերումներ ապահովելու համար եկեղեցապատկան կալուածներու արդիւնաւէտ արժեւորման ճանապարհին։ Ինչպէս ծանօթ է, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները այս շրջանին ձեռնամուխ եղած են եկեղեցապատկան զանազան կալուածներու վերանորոգման աշխատանքին, ինչ որ յաջորդ քայլափոխին նոր ու կայուն հասոյթներու դուռ բանալու հեռանկարը կը ստեղծէ։

ՆՈՐ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Գումգաբուի մէջ Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին համար կարեւոր տնօրինութիւն:
Պատրիարքարանի համալիրէն ներս հաստատուած բաժանմունքը կը նախատեսէ աշխատանքի արդիւնաւէտ համակարգումը:

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները։

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԵՒ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ ՀԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Ոսկերիչ եւ ադամանդագործ վարպետները վերջին օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցան «Istanbul Jewelry Show»ին, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 50-րդ անգամ։ Մեր համայնքէն ալ բազմաթիւ արհեստաւոր վարպետներ ներգրաւուած էին այս մեծ ցուցադրութեան։

ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Վաղը համայնքային շրջանակները ժամադրուած են Գումգաբուի մէջ։ Թաղի Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տեղի կ՚ունենայ աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Դպրոցի պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով հերթական անգամ կը կատարուի հանգանակութիւն։

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԹՐԻՔ Ի ՊԱՏԻՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Վատիկանի մէջ երէկ երեկոյեան հրաժեշտի ընթրիք մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Բարձրաստիճան հիւրերու յատուկ «Տոմուս Սանթա Մարթա» պաշտօնական հիւրանոցէն ներս սարքուեցաւ այս ընթրիքի սեղանը, որու շուրջ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Էջեր