ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԱՆԺԷԼ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԸ
Երէկ, նորոգ հանգուցեալ Անժէլ Արսլանեան ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Անժէլ Արսլանեանի կորուստը վերջին շրջանին խոր ցաւ պատճառած էր համայնքային շրջանակներուն, որոնք երէկ հերթական անգամ իրենց խոնարհումը բերին իր ազնիւ ու անթառամ յիշատակին առջեւ՝ աղօթելով հոգւոյն խաղաղութեան եւ յաւիտենական հանգիստին համար։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթութեան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մխճըօղլուի ողջոյնի խօսքով սկսաւ հանդէսը, որու ծրագիրը գործադրուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս ոգեկոչուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան երախտաշատ գերդաստանի անդամները։ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեկոչումը՝ Պալեաններու յուշարձան-դամբարանին առջեւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըչեանը։ Այս վերջինը Կիլիկեան Աթոռի Յունաստանի թեմի առաջնորդական փոխանորդն է եւ, միեւնոյն ժամանակ, Արեւմտեան Թրակիոյ հոգեւոր հովիւը։ Հայր սուրբին ընկերացաւ Քոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Թադէոս Գասպարեան։
Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ վրայ, ուր տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գալֆաեան Տան խնամակալութենէն Տանիէլ Անթիքաճեանն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ սոյն հանդիպումը, որու ընթացքին Անթիքաճեան եւ Շէշէթեան Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին յառաջիկայ ընտրութեան կապակցութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուի եւ անդամներէն Աւետիս Եըլմազի։
Türkiye Ermeni toplumu olarak tarihi günler yaşıyoruz. Önümüzde geleceğimizi pek çok yönden etkileyecek önemli bir seçim var.
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատուեց Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցին մէջ երէկ կազմակերպուած պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց հոգաբարձութեան գործունէութիւնը: