Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ
Ցաւով մեր ընթերցողներուն կը տեղեկացնենք, թէ շաբաթավերջին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գործողութեան մը ենթարկուած է թերթիս վեթերան սիւնակագիրներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Դժբախտաբար, բնակարանին մէջ վերջին օրերուն ան վատ զգացած է եւ իր մօտ ախտաճանաչուած է կոնքի ոսկորի բեկանում։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Միջմիութենական գիտելիքի մրցոյթը այս տարի կը կազմակերպուի 24-րդ անգամ։ Պոլսահայ սանուց միութիւններու եւ զանազան ակումբներու ներկայացուցիչները համախմբուած են՝ իրենց գիտելիքները չափելու առաջադրութեամբ։
Աղէտի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները նոր հարթութեան վրայ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի մարզասէր ազգայիններէն Նազար Հանչէր։ Սա իսկապէս անժամանակ եւ ցաւալի կորուստ մըն է։
Նորոգ հանգուցեալ երիտասարդուհին յուղարկաւորուեցաւ Ֆէրիգիւղի եկեղեցիէն:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի ելոյթի մը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ ապրիլի 14-ին։ Երկրաշարժի աղէտեալներուն ի նպաստ նախատեսուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը արդէն հաստատած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը։ Ինչպէս ծանօթ է, ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի գլխաւորած ընտրական մարմնին կողմէ, անցեալ մարտի 12-ին տեղի ունեցած էր քուէարկութիւնը։
Շիշլի մարզակումբէն Լիա Ասաթուր, Արտա Արատ եւ Արաս Պուլկուր վերջերս մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի միջվարժարանային մարմնամարզի նահանգային առաջնութեան։ Մրցաշարքի տեւողութեան անոնք լաւագոյնս ներկայացուցին Շիշլի մարզակումբը։