ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգենք, մենք պարենք» համերգաշարի հերթական երեկոյթը։ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ ձեռնարկը, զոր պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ, իրաւաբաններու ներկայութեամբ:
ERVAB-ի երէկուան ժողովէն վերջ վերջնականօրէն յստակացուեցան ընտրական մարմիններու կազմերը, ըստ հետեւեալի.
Մխիթարեան վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներէն Նարեկ Պալ վերջերս ճատրակի մէջ բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ նուաճելով միջազգային մրցաշարքի մը ախոյեանի տիտղոսը։ Այսպէս, անցեալ շաբաթավերջին ան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքի մը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ, ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամառային դասընթացները Գնալը կղզիին մէջ կը շարունակուին ոգեւոր մթնոլորտով։ Ըստ տարիքային դասաւորման ձեւաւորուած խումբերը կը մարզուին՝ փորձառու մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կոչով մը հանդէս եկաւ համայնքային ընտրութիւններու հարցին շուրջ։ Երկար ժամանակէ ի վեր առկախուած ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու վարչական խորհուրդներու ընտրութիւնները իրականացնել կարելի պիտի ըլլայ՝ վերջերս պաշտօնապէս ընդունուած նոր կանոնադրութեամբ։
Մեր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ երէկ երեկոյեան քաղաքս ժամանեց Երեւանի մեր արժէքաւոր աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեան։ Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքով, թերթիս խմբագրութեան հրաւէրին ընդառաջ Պոլիս կ՚այցելէ Վարանդ Քորթմոսեան, որու կեցութիւնը կը տեւէ աւելի քան երկու շաբաթ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան պատուեց Գնալը կղզիի մէջ «Մենք երգենք եւ պարենք» համերգաշարի շրջանակէն ներս կազմակերպուած երրորդ ձեռնարկը։ Երաժշտահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Նարօտ Ավճը։