ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Այսօր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան առաջին տարեդարձն է։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ ան բոլորած է իր առաջին տարին եւ այս օրուան դրութեամբ կը թեւակոխէ երկրորդը։ Որպէս Նուիրապետական Աթոռի գահակալ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցեալ տարուայ ընթացքին տարածած է իր հովանին թրքահայ հաւատացեալ հօտին վրայ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, ուրբաթ, յունուարի 8-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Խաչիկ Ճանէլի։ Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով նուազ թիւով անդամներ ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան կատարեց գիշային ու առաւօտեան ժամերգութիւն, որմէ յետոյ՝ ընդհանուր հոգեհանգիստ։
Թրքահայութիւնը երէկ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Այս տարի քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտով թէեւ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները, սակայն, Ս. Ծննդեան աւետիսը թափանցեց մեր համայնքի անդամներու սիրտերէն եւ ընտանեկան յարկերէն ներս։
2021 տարի առաջ փոքրիկ Բեթղեհէմ քաղաքէն քիչ հեռու հովիւներ բացօթեայ կը հսկէին իրենց հօտը՝ աստղազարդ երկնակամարին տակ հիանալով Աստուծոյ ստեղծագործութեան վրայ եւ փառք կու տային իրենց համեստ կեանքին համար: Վարժուած էին իրենց պարզունակ կեանքին, որուն այլընտրանքը չունէին արդէն:
Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2021-ի «Եկեղեցական օրացոյց»ը։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս տարեմուտը եւս բնորոշուեցաւ աւանդական նռնօրհնէքով։ Պատրիարքական Աթոռի օրհնութեան ներքեւ մեր համայնքը դիմաւորեց 2021 թուականը եւ այժմ բոլորը կը սպասեն զիրար ողջունելու Ս. Ծննդեան տօնական աւետիսով։
Նոր տարուայ սեմին հասանք։ Մէկ տարի եւս աւելցաւ անցնող հազարամեակներու վրայ: 2020-ը եղաւ մարդկային պատմութեան խստաշունչ ձմեռներէն մէկը, դոհ ու բոհ պատճառելով բոլոր սիրտերուն:
Պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ ուրախառիթ էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ առաւօտ տեղի ունեցած արարողութիւնները։ Այսպէս, հաւատացեալ ժողովուրդը ողջունեց Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի կողմէ անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցուիլը, ինչ որ հոգեւոր վառ ապրումներու առիթ հանդիսացաւ։
Այս առաւօտ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարէն ներս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց անուան տօնախմբութեան։