ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ մեծահանդէս տօնակատրութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ մասնակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասուն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ բազմամեայ կրթական մշակ Ռիթա Արաքս։ Վերջին շրջանին ան կ՚ապրէր Երեւանի մէջ՝ իր որդւոյն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, անցեալ շաբաթավերջին, յետմիջօրէին, ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, այցելեց Կրօնական ժողովոյ ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին, որ վերջերս կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ երէկ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատուռը, որ վերջերս բարենորոգման ենթարկուած էր։
Իզմիրի նորանշանակ առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմեթեքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ պաշտօնի կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, փետրուարի 2-ին, ժամը 17.30-ին, քաղաքի Սանթա Մարիա լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ։
Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աննա Մարիա Պէյլունիօղլուն եւ Էօզկիւր Քայմաքը։
Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիսի եւ Ս. Մարտիրոսի տօնակատարութիւնը։ Սոյն տօնական մթնոլորտը առիթ հանդիսացաւ, որ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարերարներէն՝ Սարգիս Թաշճեան եւ Թաշճեան ընտանիքի բոլոր անդամները յիշատակուին Գնալը կղզիի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեանի։ Հանդիպման ներկայ եղան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։
Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան եղբայրներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Էսաեան հարազատները ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։