ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Պատրիարքական Աթոռը վերջերս հանրութեան ուշադրութեան յանձնած էր, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրամանաւ ու օրհնութեամբ լոյս տեսած էր «Աստուածաշունչէն - Kitab-ı Mukaddes’ten - From The Holy Bible» գեղատիպ հատորը, որ ձօնուած էր Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակի յոբելեանին։
Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձին եւ Սուրբ Էջմիածնի տօներուն յաջորդող բարեբաստիկ շրջանին աշխատութիւնը կ՚որակուէր՝ որպէս հայատառ Ս. Գիրքին մատուցուած ծառայութիւն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակցեցաւ Սանթալու եւ Ասլանեան ընտանիքներուն:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս տարի եւս պիտի չկարողանայ իր դռները բանալ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով։
Համայնքային վարիչները խտացեալ ջանքերով կը ձգտին փոխըմբռնումի մը հասնիլ՝ պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու ապագան երաշխաւորելու ուղղութեամբ:
Ս.Փ. Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ԹՎՄ-ի (ERVAB) երէկուան ժողովի բացման հանդէս եկաւ հետեւեալ ելոյթով։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած եւ յարգուած դէմքերէն մին. ոչ եւս է Եւա Սանթալու։ Երկար ժամանակէ ի վեր ան կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ եւ վերջին շրջանին բաւական ծանրացած էր կացութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի ուղեկցութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծանօթացաւ եկեղեցիէն ներս վերջերս իրականացուած բարենորոգման աշխատանքներու արդիւնքին։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այսօր մեր համայնքային շրջանակներուն ուղղեալ կարեւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է:
Ենիգաբուի «Աւրասիա» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ ART CONTACT ISTANBUL ժամանակակից արուեստի տօնավաճառ։ Մինչեւ 4 յուլիս պիտի շարունակուի ձեռնարկը, որուն մասնակցութիւն կը բերեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր նկարչուհիներ՝ Իտա Գահրաման եւ Մարի Կիզելլա Քաւաք։