Թրքահայ կեանք

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի կողմէ գլխաւորուած Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը երէկ լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի՝ պաշտօնէ հրաժեշտ առնելուն կապակցութեամբ։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Ալիս Պայրամ յառաջիկայ շրջանին պիտի հեռանայ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօնէն։

ԱԼԻՍ ՊԱՅՐԱՄ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ որոշած է հեռանալ իր պաշտօնէն։ Երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Ալիս Պայրամի հետ, որ հաստատեց համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած այս լսումը։

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԵՆԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՏԵՍԱԳՐՈՒԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռը այս շրջանին գեղարուեստական հետաքրքրական ծրագրի մը հետամուտ եղած է։ Այսպէս, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս պոլսահայ յայտնի մեներգիչներու մասնակցութեամբ տեսագրութիւններ եւ ձայնագրութիւններ տեղի կ՚ունենան։

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։

ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երէց սերունդի մեր մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Ղանդարի շուկան»։ Սա միեւնոյն ժամանակ Երեւանի Մաշտոցի պողոտայի նշանաւոր Փակ շուկայի անցեալի անունն է։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանի խումբ մը սաներ, վերջերս, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Աշակերտներուն կ՚ընկերանային վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ ուսուցիչներ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ» ԽՄԲԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «Բարի լոյս» խմբակի անդամները։ Այս հանդիպման ընթացքին այցելուները ինքզինքնին ծանօթացնելէ յետոյ, իրենց կազմութեան եւ գործունէութեանց մասին տեղեկութիւն տուին Պատրիարք Հօր ու խնդրեցին իր օրհնութիւնը։

ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑ

Շիշլիի գերեզմանատան մէջ երախտաշատ կրթական մշակին համար ոգեկոչման արարողութիւն:
Հանգուցեալ Հայկ Նշանի նորակերտ շիրմին վրայ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնը համախմբեց սիրելիները:

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ հիւրընկալուեցան ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ ակումբի անդամներէն Զարեհ Քարաքաշ։

Էջեր