ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԱՅՑ
Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճալեան, որ ներկայիս կ՚այցելէ քաղաքս, նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ Պոլսոյ Աթոռը տիրացած է իր նոր գահակալին։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ։ Առաւօտուն հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից՝ Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս խրախճանքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Գալֆաեան Տան մէջ Բարեկենդանի առթիւ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ մեծ հրճուանքի։ Տղաքը բարձր տրամադրութիւնով մասնակցեցան այս հանդէսին, որմէ առաջ ուսուցիչները իրենց տեղեկութիւններ փոխանցած էին նաեւ Ս. Վարդանանց տօնի մասին։
Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց տօներու առիթով, օրհնութեամբ եւ հրամանաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կողմէ այս օրերուն լոյս ընծայուեցաւ՝ «Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքի տպարանը» գիրքը։ «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»ի եօթներորդ հատորն է այս մէկը՝ ձօնուած սրբազան գրականութեան մատենագէտ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի յիշատակին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Մալաթիացի հայերու հայրենակցական միութեան նորընտիր վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Կեզտիրիճիի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի սկիզբին ընդունեց այցելուներու շնորհաւորութիւնը։
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Արդար հպարտութիւնով ու մեծ հանդիսաւորութեամբ տօնախմբուած տարեդարձ մըն էր այս մէկը, որովհետեւ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը իսկապէս պարծանքն է մեր երաժշտական կեանքի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ անդրանիկ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը, վերջերս, պատիւն ունեցաւ իր երդիքին տակ հիւրընկալելու յայտնի բեմադրիչ Ռենա Լուսին Պիթմէզը եւ իր վերջին ժապաւէնին երկու շնորհալի հերոսուհիները՝ Ռուզաննա Պապայեանը եւ Յասմիկ Վարդերեսեանը: