ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, հինգշաբթի երեկոյեան, Պատրիարքարանի ամարանոցի շէնքին մէջ ընդունեց Կղզեաց թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին, Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արի Չոլաքի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համարկրելի մեներգչուհի Սեդա Քիւրքճիւօղլու վերջերս նուաճած է տոցենթի կոչում։ Սեդա Քիւրքճիւօղլու մեր համայնքի յայտնի արուեստագիտուհիներէն մին է։
Համակրելի մեներգչուհի Թաթիանա Պոստան մասնակցութիւն բերաւ առցանց եզակի ծրագրի մը, որ կը կոչուի՝ «Իսթանպուլի ձայնը. հանդիպում»։ Երէկ երեկոյեան համացանցային միջավայրի մէջ ներկայացուեցաւ այս համերգը, որու ընթացքին հնչած երգերը ձօնուած էին Իսթանպուլին։
ԹՎՄ-ի (ERVAB) կողմէ զանազան աշխատանքներ յառաջ կը տարուին մեր կրթական համակարգին համար:
Երէկ, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյս մէջ ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնին։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեանի։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ աւանդական արարողութիւններ:
Պաշտօնապէս տեղեկացուեցաւ, որ «Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն» անուանումով որեւէ հաստատութիւն կամ միաւորում գոյութիւն չունի արձանագրութիւններու մէջ: