Թրքահայ կեանք

ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Թորոնթոյի մէջ մահկանացուն կնքած նախկին պոլսահայ ճարտարագէտը տասնամեակներ շարունակ բեղուն ծառայութիւն մատուցած էր գանատահայ կեանքէն ներս։
Համայնքային շրջանակները բարոյական զօրակցութեան առարկայ կը դարձնեն մեր երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը, որ կը սգայ հարազատ եղբօր կորուստը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն կ՚ընկերանար ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան ջերմօրէն ողջունեց Սահակ Սարգսեանի եւ Նաղաշ Յակոբեանի այցելութիւնը՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։

ԶԵԿՈՅՑ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, 4 փետրուար 2019, երկուշաբթի, այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը, որուն կ՚ընկերանար Մայր Աթոռոյ միաբաններէն Գերպտ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, սոյն այցելութիւնը կը կատարէր յանուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն ժամը՝ 11.00-ին, ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։

ՎԵՐՃԻՀԱՆ ԶԻՖԼԻՕՂԼՈՒԻ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լրագրող-բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Beni Unutma Rusyam»։ Այս գիրքը շուրջ եօթ տարուան ընթացքին հեղինակին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած է։

ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ՀԱՅՐ ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆԻ ԱՌՁԵՌՆ ԲԱՌԱՐԱՆԸ

Կը տեղեկանանք, որ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերահրատարակած է՝ Մխիթարեան ուխտէն հոգելոյս Հայր Արիստակէս Վրդ. Պօհճալեանի բացատրական Առձեռն բառարանը։ 1975 թուականին, հեղինակի թոյլտուութեամբ այս բառարանը հրատարակուած էր Ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ։

ՀԱՅ ՅՕՐԻՆՈՂՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐՈՎ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Հարպիէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Թրքական երաժշտութեան մէջ հայ յօրինողներ» խորագրեալ համերգ մը։ «Միասնաբար՝ անցեալէն դէպի ապագայ» կարգախօսով կազմակերպուած էր այս երեկոյթը, որու նախաձեռնութիւնը համատեղ ստանձնած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը եւ «Աշիեան» երաժշտական միութիւնն ու կեդրոնը։

ՈՉ ԵՒՍ Է ՄՈՒՇՏԱԿԱԳՈՐԾ ՅԱՅՏՆԻ ՎԱՐՊԵՏ ԱՐԱ ԹԵՔՊԸՉԱՔ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր համայնքի յայտնի մուշտակագործներէն Արա Թեքպըչաք կնքած է իր մահկանացուն։ Սա ցաւալի կորուստ մըն է, որովհետեւ Արա Թեքպըչաք բարի համբաւի եւ համակրանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր ու միեւնոյն ժամանակ՝ իր ընդգրկած ասպարէզին մէջ յառաջատար վարպետ մը։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ համախմբուեցան Գումգաբուի մէջ, ուր Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ ի նպաստ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին։

Էջեր