ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԸ ՈԳԵԿՈՉԵԼ ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՈՎ ՄԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Արմաւենի Միրօղլուն եւ Մարալ Էպէօղլու-Սաթարը, ինչպէս նաեւ աշակերտներէն Աննա Իվանեանն ու Շանթ Շիմշէքչաքը։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Էսաեանի ընտանիքը յառաջիկայ օրերուն պիտի ոգեկոչէ հայ գրականութեան հսկաներէն Վահան Թէքէեանը։