ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վարդան Մատթէոսեանը, որ Նիւ Եորքէն քաղաքս ժամանած է անձնական այցելութեան մը առթիւ։ Օգտուելով քաղաքիս մէջ գտնուելու հնարաւորութենէն՝ Վարդան Մատթէոսեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր հիւրընկալուեցաւ մեր հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի կողմէ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ այս կիրակի նախատեսուած է Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին խմբագրատունս։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դասու անդամուհիներէն Սերա Մերիէմ Ենիճէն եւ Սերենա Քոչաք Ավշարօղլուն։ Ներկայիս Լուսաւորիչ երգչախումբը կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը եւ այս առթիւ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է յոբելենական համերգ մը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց մեծն Կոմիտաս Վարդապետը՝ իր ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Կոմիտասին ձօնուած գրական-երաժշտական հանդիսութիւնը մաս կազմեց Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի ձեռնարկներու շարքին։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի իր հիմնադրութեան 40-ամեակի շրջանի յոբելենական ելոյթին։ «Մարալ»ի ընտանիքը այս շրջանին կ՚ապրի մեծ եռուզեռ։ 5-25 տարեկան 190 պարողներ համախմբուած են համոյթի կազմին մէջ։
Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան հաւաքոյթ մը կազմակերպեց Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ մէջ էր:
Kalan կը պատրաստուի թողարկել Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընարի առաջին սկաւառակը:
Հոկտեմբերի 29-ի առթիւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթը համախմբեց շուրջ 5 հազար հոգի:
Այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուին մանկագիր Մերի Փերի (Սահակեան), բանաստեղծ Դաւիթ Մշեցի (Սուքիասեան) եւ արուեստագէտ Ժան Վարդան։ Բոլորն ալ ներկայիս հաստատուած են Հայաստան եւ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուին եւ մասնակցեցան «Ծիրան» համերգին, որ Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութեան համատեղ նախաձեռնութիւնն է։