ԱՆԿԵՂԾ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Լոս Անճելըսի պարգեւատրման հանդիսութիւնը վերածուեցաւ մեծ համակրանքի մը արտայայտութեան:
Մեներգչուհի Սիպիլի յանձնառութիւնը ամէնուրեք բարձր գնահատանքի կ՚արժանանայ աշխարհի հայութեան կողմէ:
Լոս Անճելըսի պարգեւատրման հանդիսութիւնը վերածուեցաւ մեծ համակրանքի մը արտայայտութեան:
Մեներգչուհի Սիպիլի յանձնառութիւնը ամէնուրեք բարձր գնահատանքի կ՚արժանանայ աշխարհի հայութեան կողմէ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեանը։ Արձակուրդի շրջանի աւարտին քաղաք վերադարձած ըլլալով՝ Արէտ Երկանեան փափաքած էր ներկայանալ նորին սրբազնութեան եւ շնորհաւորել՝ տեղապահի պաշտօնի ստանձնումը։
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան. «Արդէն երեք շաբաթ անցած է դիմումէն ի վեր։ Երբ պետութեան կողմէ կանոնադրութիւնը ուղարկուի, ամէն ինչ պիտի արագանայ, սակայն, ընտրական գործընթացը արդէն սկիզբ առած է պաշտօնապէս։ Հիմա վերացականէն կ՚անցնինք դէպի շօշափելին։ Միս ու արիւն կը ստանայ այս ամէնը։ Մինչ այդ պէտք է աշխատինք մեզի վիճակած պարտականութիւններուն ուղղութեամբ»:
Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ կեդրոնաձիգ համակարգով մը յառաջ ընթանալ: Շնորհիւ առցանց դրութեան մը հաստատման պիտի կանխուին կրկնակի քուէարկութիւնները եւ պիտի երաշխաւորուի ընդհանուր վերահսկելիութիւնը բարեացակամութեան սպասման մթնոլորտին մէջ յստակ ժամկէտ մը ի յայտ եկաւ. մինչեւ 6 սեպտեմբեր կազմուած պիտի ըլլան տեղական ընտրական մարմինները: Ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու տեղեկութիւններ փոխանցեց Անգարա այցելութեան եւ քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ:
Ընտրացուցակներու կատարելագործման եւ այժմէականացման հրատապ խնդրին առընթեր, համայնքային շրջանակները հետզհետէ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն հաւանական թեկնածուներուն վրայ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանին ձօնուած այս երեկոյթին ժամանակ առաջին անգամ բեմ առաւ Մեսրոպեան մանկապատանեկան երգչախումբը։
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախագահութեամբ կարեւոր ժողով մը՝ Գումգաբուի մէջ:
Նախաձեռնարկ մարմինն ու թաղային խորհուրդները պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ կը քննարկեն անհրաժեշտ դերաբաժանումներն ու համագործակցութեան հեռանկարները՝ ժողովուրդի մասնակցութիւնը երաշխաւորելու համար:
Հայաստանէն «Արին բերդ» պարախումբը երէկ երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գնալը կղզիի մէջ։ «Թէոս» ճաշարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր «Մեր պարերը եւ մենք»ի նախաձեռնութեամբ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Պատարագի արարողութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն չորեքշաբթի Վոսփորի մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ, որուն կը մասնակցին մեր զանազան թաղերէն հաւատացեալներ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եղանակի փակման հանդիսութիւնը։ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն ու աւանդական «Հարիսա Զատիկը»։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Երէկ, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն։ Խնդրակատար այս եկեղեցին, ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի մեր հաւատացեալներու ժամադրավայրը կը հանդիսանայ եւ այնտեղ տաղաւարի առթիւ կը ստեղծուի արտասովոր խանդավառութիւն։