ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿԻՐ
Սաղիմական Ս. Ծննդեան տօնակատարութեանց մասնակցելու նպատակաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան 17 յունուար 2019, երեքշաբթի, մեկնեցաւ Ս. Երուսաղէմ։ Հայր սուրբը որպէս ուխտաւոր, միացաւ Պոլիսէն ուխտաւորաբար Ս. Երկիր ժամանած խումբին, զոր կ՚առաջնորդէին Սեւան Կսրկ. Արապեան եւ Միհրան Սաթըլմըշ։