ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՊՈՒՐԿԱԶ ԿՂԶԻ
Պուրկազ կղզիի Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Այսպէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան իր հետն ունենալով Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանը, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութը եւ ուխտաւորաց խումբ մը, հովուական այցելութիւն տուաւ դէպի Պուրկազ կղզի։
Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան աւանդական ընթրիքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Կղզիի Ջրային մարզակումբի համալիրէն ներս, «By Güven» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս գողտրիկ եկեղեցւոյ 163-րդ հիմնադրութեան տարեդարձը երէկ նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններով։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Գլխադիր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքը, նախկին ատենապետներէն Հայկարամ Քարասուն եւ վարչայիններէն Զարեհ Քարաքաշը։ Այսպէս, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ներկայացուցիչները նորին սրբազնութեան շնորհաւորութիւններ յղեցին տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու բերումով։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ընթացքին թաղականները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնի կոչուելուն առթիւ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու եղանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Արթին Տեմիրճի յաջողած է մուտք գործել քաղաքիս գերմանական լիսէն։ 2018-2019 կրթական շրջանի աւարտին ան վկայուած է Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնէն։
Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Գումգաբու, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Տաղաւարը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Կրօնական արարողութիւններուն առընթեր, մասնաւորապէս երիտասարդները վերակենդանացուցին զիրար թրջելու, իրարու վրայ ջուր սրսկելու աւանդութիւնը։