ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Սկիւտարի սանուց միութենէն ներս վերջերս գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով։ Այս առթիւ պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ անդամները.
Պերճ Զընկըք, Յովհաննէս Չաքրաքլը, Լեռնա Քարատերէ, Արա Տանաճը, Սէրտար Էսքիճի, Հաճը Արման Չիչէքօղլու, Դալար Էօքքէ։
Երէկ, Հոգեգալստեան տօնին առթիւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հոգեգալստեան տօնին առթիւ նշուեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը։
Էսաեանի վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները վերջերս այցելեցին Իզմիրի շրջանը։ Ուղեւորութեան ընթացքին անոնք մասնաւորապէս գտնուեցան Եփեսոսի եւ Քուշատասըի մէջ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ, երէկ, Հոգեգալուստի տօնին։ Տօնական հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ չորեքշաբթի մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Նիւ Եորքէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չեւեան, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանին տեսուչն է։
Էսաեան վարժարանի մէջ անցեալ ամսուան վերջին տասնօրեակին իրերայաջորդ տեղի ունեցան մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը եւ առաջին դասարանի ընթերցման տօնը։ Այս երկու հանդէսներն ալ անցան շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսը։ Փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան այս հանդէսի ժամանակ, որուն ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Գամառ եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմի ներկայացուցիչները, ծնողներ եւ հիւրեր։
Արամեան-Ունճեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի աշակերտները դպրոցական շրջանի եզրափակիչ փուլին առթիւ սարքեցին համերգ մը։ Չորրորդ դասարանի տղաքը այս տարի արդէն կ՚աւարտեն նախակրթարանը ու այժմէն կ՚ապրին յառաջիկայ տարեշրջանին սկսելիք միջնակարգի խանդավառութիւնը։
Գալֆաեան Տան տարեվերջի հանդէսը այս տարի տեղի ունեցաւ Ալթունիզատէի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Վարժարանի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ մասնակցութիւն բերին այս հանդէսին, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով։
Ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտները իրականացուցին շարք մը պտոյտներ։ Այսպէս, անոնք այցելեցին «Քիտնազիա», «Լեկոլանտ» եւ «Աքուարիում»։