ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ
Պաքըրգիւղի վերընտրեալ քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու յառաջիկայ շրջանին ալ պիտի տեւականացնէ մեր համայնքէն Յովհաննէս Կարապետեանի խորհրդականի պաշտօնը։ Անցեալ շրջանին Յովհաննէս Կարապետեան միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցէր Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդին։
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութեան, որուն մասնակցեցան Կրօնական ժողովի անդամներն ու թրքահայ հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները:
Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ այս ամառ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած է բնապահպանութեան։ Մասնաւորապէս տղաքը, ինչպէս նաեւ կղզեբնակները առաւել եւս զգուշացնելու նպատակաւ ի գործ դրուած են զանազան ծրագրեր։ Իւրաքանչիւր աշխատութիւն կը նպատակէ կանաչութեան կարեւորութիւնը շեշտել եւ մաքուր ու խնամեալ բնութեան ի նպաստ ծառայել։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտեան ժամերուն ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարչայինները։ Այսպէս, տեղապահ ընտրուելուն առթիւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ պատասխանատուներէն Տիգրան Տիւլկէրեան եւ Տայք Միրիճանեան շնորհաւորութիւններ յղեցին նորին սրբազնութեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Սեւան Յարզուարթեան համալսարանէն վկայուած է որպէս ատամնաբոյժ։
Տեղապահի ընտրութեան ժամանակ յառաջ քշուած պնդումներուն արձագանգները:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Նորին սրբազնութիւնը կիրակի երեկոյեան ցամաքային ճամբով Իսթանպուլէն մեկնեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Զուրաթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան ներկայացան դպրաց դասու նախագահ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տիրան Պոստան եւ Գէորգ Չաղլըչուպուքճու։
Նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորման սեմին լուրջ իրադարձութիւն՝ պատրիարքական ընտրութեան տեսակէտէ: