ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԱՐՏԱՇԷՍ ՈՒՐԱՐԱԿԻՐ ԴՊԻՐ ՏԻՒՄԷՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ոչ եւս է Ուրարակիր Արտաշէս Դպիր Տիւմէճեան։
Երբեմն կը դժուարանանք բառեր որոնել երբ հանրածանօթ դէմք մը առյաւէտ մեզմէ կը բաժնուի։
Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ոչ եւս է Ուրարակիր Արտաշէս Դպիր Տիւմէճեան։
Երբեմն կը դժուարանանք բառեր որոնել երբ հանրածանօթ դէմք մը առյաւէտ մեզմէ կը բաժնուի։
Էսաեան վարժարանի 2017-2018 թուականի շրջանաւարտները երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Էսաեանի լիսէի բաժինը այս տարի ունի 27 շրջանաւարտ։ Երէկ երեկոյեան դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնները անցան խանդավառ պայմաններու մէջ:
Երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները տեղի ունեցան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ մինի-ֆութպոլի մրցում մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ անմոռանալի մորթաբան հոգելոյս Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի։
Պատրիարքական Աթոռի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեց Գումգաբուի մէջ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ:
Նիստի մասնակիցները լաւատեսութիւն յայտնեցին ընտրութիւններու արդիւնքով երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ՝ համայնքային խնդիրներու լուծման առումով:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի հիւպատոսարանէն ներս կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան մը։ Այս հաւաքոյթը կազմակերպուած էր ի պատիւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Էվանկելոս Սեքերիսի, որ աւարտին կը հասցնէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը քաղաքէս ներս։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։ Շաբաթավերջի ընտրութիւններուն Մարգար Էսաեան երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան կողմէ՝ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կզղիի Կազդուրման կայանի գործունէութիւնը այս տարի եւս կը շարունակուի անխափան։ Այս կիրակի արդէն տեղի պիտի ունենայ Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման աւանդական արարողութիւնը։
Երէկուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով Ազգային մեծ ժողով մուտք գործել յաջողեցան Մարգար Էսաեան եւ Կարօ Փայլան։ Այս վերջիններու վերընտրութիւնով կը շարունակուի խորհրդարանէ ներս հայազգի երեսփոխաններու գոյութեան նախընթացը։