ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Ֆլորիայի մէջ։ «Հաթայ սոֆրասը» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան քաղաքիս զանազան թաղերէն համակիրներ։
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 7-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ 100-ամեայ լիսէներու միջեւ լուսանկարչական մրցոյթ մը։ Աւանդական դարձած այս ծրագիրը ձօնուած է աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի։
«Ընկեր» թատերախումբը երէկ երեկոյեան ներկայացումով մը հանդէս եկաւ Կեդրոնական սանուց միութեան բեմին վրայ։ Խանդավառ երեկոյթին մասնակցութիւն բերին մեր բեմարուեստի երախտաշատ վարպետներէն Անի Իփեքքայա, ինչպէս նաեւ հանգուցեալ դերասան Զեքի Ալասիայի կողակիցը՝ Ժիւլիտէ Ալասիա։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հայերէնի աշխատանոցը հասաւ իր աւարտին։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս աշխատանոցը անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ մեր կրթական մշակներու շրջանակէն ներս։
Sayın Aram Ateşyan
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանն ու իր ընկերները։ Թաղականներուն ուղեկցեցաւ նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքան։
Կը տեղեկանանք, որ Թաքսիմ մարզակումբը ձեռնամուխ եղած է համերգի մը կազմակերպման։ Երէկ, խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանը՝ ընկերակցութեամբ Հռիփսիմէ Քարափեքմէզի, որ կը համակարգէ այս համերգային ծրագիրը։
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Երաժշտական մարաթոն»ը շաբաթավերջին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Պաղլարպաշըի գերեզմանատունը։ Խումբին ուղեկցեցան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Թամար Մանկասար եւ Եւգինէ Ինճիտիւզէն։ Խումբ մը ծնողներ ալ միացած էին աշակերտներուն։