ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ
Գարթալի Սուրբ Նշան եկեղեցին նորոգութեան երկար շրջանէ մը վերջ շաբաթավերջին օծուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած աւանդական հանդիսութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ յուզումնալի մթնոլորտ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհիներէն 103-ամեայ Վարսէն Օրունճաքճըէլին, որու տարեդարձը կը նշուէր։
Համահայկական վեցերորդ խաղերուն մասնակցելիք Իսթանպուլի խումբը վաղը պիտի ուղեւորուի Երեւան։ Կարգադիր յանձնախումբին կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ Իսթանպուլի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 140 հոգիէ։