ՈՉ ԵՒՍ Է ՂԱԶԱՐՈՍ ՈՒՆԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած անդամներէն մին՝ Ղազարոս Ունան, որ հիմնադիրն էր «Տիւք» փողկապներու արտադրութեան ընկերութեան։ Ղազարոս Ունան բառին բուն իմաստով խորհրդանշական անուն մըն էր մեր համայնքային կեանքէն ներս։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութիւնը վերջին շրջանին կը կազմակերպէ թաղեցի կանանց ուղղեալ զանազան ձեռնարկներ։ Վերջին տարիներուն այս ամբողջին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ թաղեցի տիկիններուն համար նախատեսուած հայախօսութեան ծրագիրը, որ յառաջ կը տարուի բազմավաստակ ուսուցչուհի Եւգինէ Ինճիտիւզէնի կողմէ։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ իֆթար մը։ Այսպէս, ընթրիքի հրաւիրուած էին Ազգային կրթութեան նախարարութենէն պաշտօնատարներ եւ շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ, Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ հանդիսութիւն մը:
Երէկ երեկոյեան Սկիւտարի Ժողովրդական կրթութեան կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան տարեվերջի հանդէսը։ 2017-2018 ուսումնական շրջանի աւարտին այս հանդիսութիւնը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ Գալֆաեան ընտանիքին մօտ։
Երէկ երեկոյեան, Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շիշլի մարզակումբի հերթական համագումարը։ Ակումբի վարչութեան նախկին ատենապետներէն Հայկարամ Քարասու գլխաւորեց համագումարի դիւանը։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։
Էսաեան վարժարանի համալիրէն ներս շաբաթավերջին հերթական անգամ համախմբուեցան սերունդները՝ աւանդական բաժակի օրուան բարձր տրամադրութեամբ: