«ՄԱՐԱԼ» ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ «ԳԱՅԻԱՆԷ» ՀԱՄՈՅԹԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի քաղաքիս մէջ հիւրընկալել արժանթինահայ «Գայիանէ» պարային համոյթը։ Այսպէս, «Գայիանէ» համոյթը դէպի Հայաստան ուղեւորութեան ճանապարհին այս շաբաթավերջին կարճ դադար մը պիտի առնէ քաղաքիս մէջ։
Պատրիարքական Աթոռը տեղեկացաւ, որ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շնորհաւորական նամակ մը ուղարկած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։ Մամուլի մէջ հրապարակուած լուրերու համաձայն, կը պնդուի, թէ Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը նախապէս նամակէն իրազեկ դարձուցած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը Գնալը կղզիի մէջ վերջերս կազմակերպեց ճատրակի մրցաշարք մը։ «Ճաշ» ճաշարանի հետ համագործակցութեամբ եւ անոր երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Մրցաշարքին մասնակցեցաւ 31 մարզիկ։
Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին, երէկ, ոգեկոչման յատկանշական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ մեր համայնքին մէջ։ Այսպէս, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ, երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգելոյս մանկավարժ Յովհաննէս Հինդլեանի շիրմին վրայ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու իր գործակից ընկերները։ Այս տարի Սամաթիոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 սեպտեմբերին։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Անգարայի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պաշտօնակալման արարողութեան մասնակցելէ վերջ վերադարձաւ քաղաքս։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հրապարակեցին Պեշթեփէի համալիրին մէջ նկարահանուած Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ նորին սրբազնութեան լուսանկարը։
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց երկու գիրքեր, որոնք յատկանշական կը համարուին պատմական յիշողութեան տեսակէտէ։ Այդ գիրքերէն մին կը կոչուի «Նամակ՝ Հիթլէրին»։ Միւս գիրքը կը կոչուի «Ուղեւորութիւն՝ գոյներու երկիր»։
Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երիտասարդաց հաւաքը, որ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, երէկ հասաւ իր աւարտին։ Եզրափակիչ փուլը նախատեսուած էր Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Պայծառակերպութեան տաղաւարին զուգադիպեցաւ երիտասարդաց հաւաքի եզրափակիչ փուլը։