ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՓՈՔՐԻԿ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Տատեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական ցուցահանդէս մը։ Այսպէս, միութեան երդիքին տակ կը ներկայացուին անցեալ եղանակին կազմակերպուած գեղարուեստական դասընթացքներու մասնակից փոքրիկներու ստեղծագործութիւնները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները անցեալ շաբաթ հանդէս եկան բանաստեղծութեան, պարի եւ երգչախմբային ելոյթներով։
Եշիլգիւղի վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի տարեվերջի հանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ առիթ հանդիսանալով մեծ խանդավառութեան։
Պատրիարքական Աթոռի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը։ Բուն օրակարգի խնդիրներուն քննարկման անցնելէ առաջ Խորհրդակցական մարմնի անդամները նկատի առին համայնքէն ներս վերջին օրերուն կրթական հարցերու շուրջ ծագած բանավէճը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային 14-րդ ճատրակի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Եռօրեայ մրցաշարքը եզրափակուեցաւ պարգեւաբաշխման արարողութիւնով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Պետրոս Դուրեանի բանաստեղծութիւններէն բաղկացեալ ժողովածոյ մը, որ կը կոչուի «Աստղերու հեղեղ»։
Էսաեան լիսէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն բառախաղի մրցոյթը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Մրցոյթին մասնակցութիւն բերին մեր համայնքէն 11 միջնակարգ եւ 5 լիսէ, ինչպէս նաեւ յոյն համայնքէն երեք վարժարան։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս մասնակցութիւն բերին շարք մը միջվարժարանային ձեռնարկներու։ Neslin Değişen Sesi վարժարանին կողմէ կազմակերպուած մտախաղերու ծիրէն ներս դպրոցի ներկայացուցիչ խումբը հանդիսացաւ առաջին։
Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն համար վերջերս վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ տարեվերջի պտոյտ մը։
Փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներուն բերումով թէեւ մեր բազում համայնքային կառոյցներ նիւթական նոր միջոցներ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան, սակայն, դժբախտաբար, համայնքային ընդհանուր անկազմակերպ վիճակին հետեւանքով պոլսահայ կրթական կեանքէն ներս նիւթական անբաւարարութիւնները կը մնան առկայ։ Այս ամբողջին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր Կեդրոնական վարժարանն ալ կը դիմագրաւէ նիւթական լուրջ անբաւարարութիւններ։