ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Էլիզ Էօղրէթ, կրթական մշակներ, Պաքըրգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ բազմաթիւ հիւրեր համախմբուած էին շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։