ԱՄՆ-Ի ՍԹԻՐԼԻՆԿ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Սթիրլինկ բարեգործական ընտանեկան հիմնարկի Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Պրիտնի Սթիրլինկն ու ընկերակիցները, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։
Ամանորի ընդառաջ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատ եւ կողակիցը երէկ երեկոյեան ընթրիք մը սարքեցին՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային շրջանակներուն համար։
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը այս շրջանին նոր վիճակաւոր մը ունենալու սպասման մէջ է։ Մինչեւ նոր հոգեւոր առաջնորդի ընտրութիւնը, անցումային շրջանին, պատրիարքական կառավարիչի հանգամանքով արքեպիսկոպոսարանի ղեկը ստանձնած է Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որ վերջին օրերուն այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակի վրայ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ տքթ. Էրօլ Չընարն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Շիշլի մարզակումբի անմոռանալի նուիրեալներէն հոգելոյս Նազար Հանչէրի յիշատակին այս տարի եւս ճատրակի մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս մրցաշարքի պատուոյ հիւրն էր հանգուցեալի այրին՝ Էլմոն Հանչէր։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն հրաժեշտ՝ ներկայութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերներէն Սիւզան Քըզըլքայան, Նատին Թաշն ու Էօզճան Նշանը։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութիւնը եւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Մարմարայի խմբակ» հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Աքքան Սուվէրի, որու հետ էր նաեւ կողակիցը։ Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը տեղեկութիւններ տուին հիմնարկի գործունէութեան շուրջ։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան՝ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Հարկ է նշել, որ երէկուան սիրոյ սեղանը թրքահայ կեանքէն ներս ընդհանուր լաւատեսութեան առիթ դարձաւ՝ քանի այս եղանակին առաջին անգամ մեր վարժարաններէն մէկուն պիւտճէի բացը գրեթէ հաւասարակշռուեցաւ։
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ վերջերս Պոլիսէն անցաւ իր գրքի շնորհանդէսին առթիւ, քաղաքէս հրաժեշտ առնելէ վերջ հրապարակած է ամփոփ տպաւորութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։